2017-03-07 08:24:00

Հացը` Մարմինը, Գինին եւ Արիւնը եւ Գեթսէմանիի աղօթքը` Հոգեւոր կրթութեան նիւթեր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հացը` Մարմինը, Գինին եւ Արիւնը եւ Գեթսէմանիի աղօթքը ու Յիսուսի ձերբակալութիւնը'' ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին, կը հանդիսանան Արիչչայի Աստուածային Վարդապետ կեդրոնին մէջ կայացած Հռոմէական Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան երեքշաբթի 7 մարտի, Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչ Հայր Ճուլիօ Միքելինիին ներկայացուցած խորհրդածութեան նիստերու նիւթերը։

Առաջին խորհրդածութեան նիւթը քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչի 26-րդ Գլուխէն (26-30 համարներ) ուր կը խօսուի Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումի մասին, երբ Յիսուս իր աշակերտները կը հրաւիրէ ճաշակելու հացը որպէս իր մարմինը եւ գինին որպէս իր արիւնը։

Յետմիջօրէի խորհրդածութեան նիւթն է ''Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ Յիսուսին աղօթքը ապա Անոր ձերբակալութիւնը'' քաղուած միշտ Մատթէոսի Աւետարանէն։

Նշենք թէ հոգեւոր կրթութեան ընթացքին դադարած կը համարուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին բոլոր գործունէութիւնները, առանձնական. յատուկ եւ հրապարակային, ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.